Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի փրեմիեր լիկ-ի, 28-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումի մը Մանչեսթըր Եունայթըտ այսօր հիւրը կ՛ըլլայ Սաութհեմբթընի:
Ներկայ դրութեամբ Մանչեսթըր կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ, իր տրամադրութեան տակ ունեցած 65 կէտ եւ 25 կէտով ետ մնալով ախոյեան հանդիսացած Չելսիէն, մինչ Սաութհեմբթըն, որ ունի 45 կէտ, կը գրաւէ 8-րդ դիրքը:
Այս մրցումին համար Եունայթըտի մարզիչ` Ժոզէ Մուրինիօ, իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի առած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Նշենք, որ յառաջիկայ կիրակի, 21 մայիսին, Մանչեսթըր Եունայթըտ Անգլիոյ ախոյեանութեան տարեշրջանի իր վերջին մրցումին պիտի հիւրընկալէ Քրիսթալ Փալասը: