
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս, երէկ երեկոյեան բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով եւ դարձեալ իր գերակայութիւնը փաստելով Ռիատիի, յաջողեցաւ յաղթանակ մը արձանագրել` 67-59 արդիւնքով` երկարաձգումէն ետք (10-15, 27-22, 43-40, 58-58 եւ 67-59):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք ՀՄԸՄ, որ 2-0 արդիւնքով այժմ կը գերազանցէ Ռիատին, պէտք ունի միայն այլ յաղթանակի մը` կարենալ հանդիսանալու համար ախոյեան եւ տիտղոսը պահելու:

Առաջին մրցումին նման, դարձեալ տպաւորիչ կերպով ելոյթ ունեցաւ Էյնճըլ Մաքքաֆթրի, որ այս անգամ յաջողեցաւ թրիփըլ տապըլ մը իրագործել (27 կէտ, 15 ռիպաունտ, 10 սթիլ): Ան նաեւ կատարեց 2 էսիսթ, մինչ անոր վրայ կատարուեցաւ 8 ֆաուլ:
ՀՄԸՄ-ի երկրորդ օտար մարզիկը` Կինթարէ Փեթրոնիթէ, իրագործեց տապըլ-տապըլ մը (14 կէտ, 23 ռիպաունտ): Նշենք, որ անոր վրայ կատարուեցաւ 10 ֆաուլ:
Այտա Պախոս նշանակեց 12 կէտ, Ֆէյ Փրենս` 2, մինչ 4-ական կէտ նշանակեցին Մեղրի Թորոսեան, Լէյլա Ֆարես եւ Սանտրա Նաժըմ:
Ռիատիէն ամէնէն աւելի կէտ (14-ական)) նշանակեցին Ռեպեքա Աքըլ եւ Տիանա Տելվա
Մրցումին ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի մեծ թիւով համակիրներ, որոնք քաջալերեցին իրենց կազմը եւ արձանագրուած այս յաղթանակին մէջ ունեցան իրենց կարեւոր դերը:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց արձանագրած այս երկրորդ փայլուն յաղթանակը: