Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի աւարտականի առաջին ճակատումը, որուն ընթացքին Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը:
Ուորիըրզ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Սփըրզը, երկու կէտի տարբերութեամբ` 113-111 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 40 կէտ, մինչ Սփըրզէն Լամարքուս Ալտրիճ` 28 կէտ:
Այլ գետնի վրայ, Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականի ճակատումը` Պոսթըն Սելթիքսի եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի միջեւ, ցարդ չէ աւարտած:
Ուիզըրտծ կէտի մը տարբերութեամբ` 92-91 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, հաւասարեցուց արդիւնքը` 3-3:
Ճակատագրական եօթներորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` Պոսթընի մէջ: