Լա լիկայի 37-րդ հանգրուանի մրցումներուն Ռէալ Մատրիտ Սեւիլլայի դէմ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել եւրոպական ֆութպոլի հինգ առաջատար ախոյեանութիւններուն ծիրին մէջ` ակումբներու մակարդակի վրայ:
Արքայական ակումբը, որ տարբեր մրցաշարքերու ընթացքին յաջորդաբար 62-րդ մրցումն ըլլալով կոլ նշանակեց, այսպիսով հաստատեց նոր մրցանիշ մը:
Ան շրջանցեց Պայէրն Միւնիխի հաստատած մրցանիշը, որ մարտ 2013-էն ապրիլ 2014, յաջորդաբար 61 մրցումի ընթացքին կոլ նշանակած էր, տարբեր տեսակի մրցաշարքերու ատեն: