Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերուն Փառաւոր Յաղթանակները` Ռիատիի Դէմ

May 16, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի տղոց եւ աղջկանց զոյգ խումբերը փառաւոր յաղթանակներ արձանագրեցին` Ռիատիի տղոց (61-57) եւ աղջկանց (67-59) դէմ:

Կը շնորհաւորենք, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց այս երկրորդ յաղթանակը, իսկ ՀՄԸՄ-ի տղոց առաջին յաղթանակը` Ռիատիի զոյգ խումբերուն, նոր յաղթանակներու ակնկալութեամբ եւ մաղթանքով:

Տղոց Աւարտական

ՀՄԸՄ Շարունակեց Իր Դաշտին Վրայ
Մնալ Անպարտելի Եւ 1-0 Արդիւնքով
Գերազանցեց Ռիատին

PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Ռիատին:

ՀՄԸՄ շարունակեց իր դաշտին վրայ մնալ անպարտելի, երբ 61-57 արդիւնքով արձանագրեց յաղթանակ մը (18-7, 32-23, 52-42 եւ 61-57):

Բնականաբար, իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Ռիատին, որ թէեւ պայքարեցաւ, սակայն չկրցաւ յաղթել ՀՄԸՄ-ի աշխուժ եւ զօրաւոր կազմին:

Պէտք է ըսել, որ մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ առիթով մը կէտերու տարբերութիւնը բարձրացուց մինչեւ 12 կէտի (23-11):

Երկու կազմերն ալ կրցան կիրարկել պաշտպանողական բարձր խաղաոճ մը եւ այդ պատճառով ալ մրցումին արդիւնքը այդքան ալ բարձր չեղաւ:

Յամենայնդէպս, աւարտականի այս մրցումներուն կէտերու տարբերութիւնը երբեք կարեւոր չէ, այլ յաղթանակը, նոյնիսկ եթէ անիկա կէտի մը տարբերութեամբ է միայն:

ՀՄԸՄ-էն տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձան Տուայն Ճեքսըն (21 կէտ, 12 ռիպաունտ) եւ Քեւին Կալոուէյ (12 կէտ, 11 ռիպաունտ) իսկ Ռիատիէն` Ալատէ Ամինու (21 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ֆետի Խաթիպ նշանակեց` 10 կէտ, 4 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, Աթեր Մաճոք` 10 կէտ:

ՀՄԸՄ, 26 փորձերէ ետք, նշանակեց 6 թրի փոյնթ (Ճեքսըն` 3, Էլի Շամուն` 1, Քարամ Մըշրեֆ` 1), մինչ Ռիատի` 3, 20 փորձերէ ետք:

Եթէ, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները դաշտին վրայ պայքարեցան յաղթանակ արձանագրելու, անդին դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրները, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը եւ, դառնալով խումբին 6-րդ մարզիկը, բառին բուն իմաստով եղան օրինակելի համակիրներ եւ իրենց մարզիկներուն հետ տօնեցին շատ կարեւոր յաղթանակ մը:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս յաղթանակը եւ կը գնահատենք ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տիրական եւ դրական ներկայութիւնը:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Աղջկանց Աւարտական. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Տպաւորիչ Յաղթանակ Կերտեցին Եւ 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեցին Ռիատին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.