Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի նախորդ շաբաթավերջին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մթէյն), տեղի ունեցան Լիբանանի քարթինկի կրտսերներ ախոյեանութեան «ԷՔՍ-30-ի մրցումները, որոնք մաս կը կազմեն Լիբանանի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին մրցումներուն:
Նշենք, որ տեղի ունեցան միայն կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումները:
Բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, 3-րդ դիրքը գրաւեց բաւական լաւ ապագայ խոստացող Ռալֆ Էթիեմեզեան: