Աբխազիոյ նախագահին նուիրուած ֆութպոլի վեթերաններու միջազգային 6-րդ մրցաշարքը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ վերոնշեալ երկրին Կակրա քաղաքին էջ տեղի ունեցաւ աւարտականի ճակատումը:
Արցախի վեթերաններու հաւաքականը հանդիսացաւ ախոյեան, երբ աւարտականին 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Փիատիկորսքի խումբին:
Նշենք, որ 5-րդ մրցաշարքին հայրենի ֆութպոլիստները գրաւած էին երկրորդ դիրքը:
«Արցախփրես» յայտնեց թէ այս մրցաշարքին Արցախի կազմը, որ նշանակեց 23 կոլ եւ իր բերդէն ներս ստացաւ միայն մէկ կոլ, ճանչցուեցաւ իբրեւ մրցաշարքին լաւագոյն խումբը:
Մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը հանդիսացաւ Լեւոն Մկրտչեան, լաւագոյն կոլսքորըր-ը` Արսէն Սարգիսեան (9 կոլ), իսկ լաւագոյն բերդապահը` Ալեքսանտր Մելքումեան:
10-16 մայիսին տեղի ունեցած այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9 խումբեր` Աբխազիայէն, Արցախէն, Հարաւային Օսեթիայէն եւ Ռուսիոյ տարբեր շրջաններէն: