«Էն. Պի Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Արեւմտեան շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ երկրորդ ճակատումը:
Ուորիըրզ, որ առաջին մրցումին յաղթած էր 113-111 արդիւնքով, երկրորդին եւս յաղթանակ մը արձանագրեց, այս անգամ` 136-100 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Ուորիըրզ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Սփըրզը:
Երէկուան այս մրցումին Սթեֆըն Քարի ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 29 կէտ, մինչ Սփըրզէն Եոնաթըն Սայմընզ նշանակեց 22 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանի աւարտականին, այսօր տեղի կ՛ունենայ Պոսթըն Սելթիքս-Քլիվլենտ Քաւալիրզ առաջին ճակատումը:
Սելթիքս աւարտականի իր տոմսը ապահովեց եօթներորդ եւ ճակատագրական վերջին մրցումին` 115-105 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուաշինկթըն Ուիզըրտծին: