Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Փաստեց Իր Գերակայութիւնը Ռիատիի Եւ Արձանագրեց Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը

Էյնճըլ Մաքքուկթրի (կեդրոնը). անոր ետին` Կինթարէ Փեթրոնիթէ (թիւ 13) PROFOTO Շաբաթ, 13 մայիսին, տեղի ունեցաւ Ռիատի-ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին ծիրին մէջ: Նկատի ունենալով, որ Ռիատի ախոյեանութեան առաջին բաժինը աւարտեց պարագլուխի դիրքը գրաւելով, անիկա առաջին մրցումը կատարեց իր դաշտին վրայ: Սակայն, հակառակ ասոր, Լիբանանի ախոյեան` ՀՄԸՄ Անթիլիաս,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Աւարտականի Առաջին Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 15 մայիսին, երբ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ժամը 20:45-ին հիւրընկալէ Ռիատին: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց առաջին չորս մրցումներուն յայտագիրը: Մնացեալ երեքին յայտագիրը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ: Նշենք, որ եօթը մրցումներէն չորս յաղթանակ...

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան պատրաստուող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը նախորդ շաբաթավերջին կատարեց բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ` Էներժի խումբին դէմ: «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի կազմը արձանագրեց 33-29 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսախաղ` 15-11` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ յաղթած էր Հուփսին (48-37):

Ֆորմիւլա – 1. Հեմիլթըն Տիրացաւ Պարսելոնայի Կրան Փրիին

Լուիս Հեմիլթըն Ֆորմիւլա-1-ի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան 5-րդ կրան փրին, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Քաթալոնիայի մէջ (Սպանիա) աւարտեցաւ յաղթանակով Մերսետեսի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի, որ 66 լեփ-նոց այս մրցումին, արձանագրեց 1 ժամ 35 վայրկեան 56 երկվայրկեան արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ֆերարիի գերմանացի վարորդ Սեպասթիան Վեթել (3'' ուշ), իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ աւստրալիացի Տանիել Ռիքիարտօ (Ռետ պուլ)` 1 վայրկեան...

Եւրոպական Ֆութպոլ-Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ` Յաղթական

Եուվենթուս Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցան Հենրիխ Մխիթարեան (ձախին) Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ շաբաթավերջին կատարուեցան բաւական հետաքրքրական ճակատումներ: Սկսելով Անգլիայէն, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հիւրն էր Թոթենհամին, կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ Թոթենհամ հանդիսացաւ Անգլիոյ փոխախոյեան: Իր կազմին ստացած երկու կոլերէն ետք, Ուէյն Ռունի 71-րդ վայրկեանին նշանակեց Եունայթըտի միակ կոլը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ`...

Հոլանտական Ֆութպոլ. Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ Հանդիսացաւ Ախոյեան

18 տարուան բաւական երկար սպասումէ մը ետք, երէկ Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ հանդիսացաւ Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեան, երբ 34-րդ եւ վերջին հանգրուանին 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հերաքլեսին: Այսպիսով, Ֆէյէնուրտ, որ իր պատմութեան մէջ 15-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան, այս տարեշրջանը աւարտեց 82 կէտով` միայն կէտով մը գերազանցելով Այաքս Ամսթերտամը, որ հանդիսացաւ փոխախոյեան` 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ուիլեմ Բ.-ի դաշտէն: Նշենք, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Աւարտականին Պիտի Մրցի Ռիատիի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի` ֆայնը-ֆոր-ի չորրորդ ճակատումին, երէկ երեկոյեան  Մութթահետ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ, որ նախքան այս մրցումը 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէր հիւսիսային կազմին պէտք ունէր իր երրորդ յաղթանակին` ապահովելու համար աւարտականի իր տոմսը: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ իր երրորդ յաղթանակը արձանագրելով 3-1 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցին եւ հասաւ աւարտականին, ուր իր դէմ պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս Առաջին Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի ճակատումը` Ռիատի Պէյրութի եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի միջեւ, կը սկսի այսօր` շաբաթ, 13 մայիսին, երբ տեղի կ՛ունենայ առաջին մրցումը: Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան: Ստորեւ կու տանք առաջին երեք մրցումներուն յայտագիրը, որ հրապարակուեցաւ երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ.     ԺԱՄ ԴԱՇՏ Շաբաթ,...

Անգլիական Ֆութպոլ. Չելսի` Ախոյեան

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած մրցումի մը, Չելսի 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ուեսթ Պրոմուիչի դաշտէն, հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան: 36 մրցում կատարած Չելսի այժմ ունի 87 կէտ, մինչ 2-րդ դիրքը գրաւող Թոթենհամ 77 կէտ` 35 մրցումէ:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Վաղը` Ա. Էս. Ռոմա – Եուվենթուս Գագաթի Ճակատումը

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներուն ծիրին մէջ, գագաթի ճակատում մը պիտի ըլլայ Ա. Էս. Ռոմա-Եուվենթուս մրցումը: Յաղթանակի մը պարագային, Եուվենթուս պիտի հանդիսանայ ախոյեան: Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը (Ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 37-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ Շաբաթ ԺԱՄ Մանչեսթըր Սիթի (4) - Լայսթըր Սիթի (9) 14:30 Պուրընըմաութ (11) - Պըրնլի (14) 17:00 Միտըլզպորօ...

Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքերուն. Մխիթարեան` Աւարտական Մրցումին Հասնող Հայաստանի Հաւաքականի Առաջին Ֆութպոլիստը

Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, ապահովեց «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի մրցումին իր տոմսը: Անիկա 24 մայիսին Սթոքհոլմի մէջ (Շուէտ) իրեն մրցակից պիտի ունենայ հոլանտական Այաքս Ամսթերտամը: Այսպիսով, Մխիթարեան մեծ իրագործում մը կատարած եղաւ` նկատի ունենալով, որ ան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող առաջին ֆութպոլիստը, որ այսպիսով եւրոպական...

Կռփամարտ. Միշա Ալոյեան Յաղթանակով Սկսաւ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան իր արհեստավարժ ասպարէզին սկիզբը նշեց յաղթանակով: Հայկական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիրը իրաւարարներուն միաձայն որոշումով Եաթեր Քարտսոնի դէմ (Նիքարակուա) իր կատարած 10 ռաունտնոց ճակատումին յաղթանակ արձանագրելով տիրացաւ «Տապլիու Պի. Էյ.»-ի միջցամաքամասային գօտիի տիտղոսին: «Բոլորն ալ տեսան, որ այս մենամարտը այդքան ալ դիւրին չէր` նկատի ունենալով, որ արհեստավարժ կռփամարտիկները...

Էտկար Մանուչարեան 6 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, թէեւ Լոքոմոթիւ Մոսկուա 2-0 արդիւնքով յաղթելով Ուրալի տիրացաւ տիտղոսին, սակայն այս մրցումին ֆութպոլիստներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումը պատճառ դարձաւ, որ 4 մարզիկներ կարմիր քարտ ստանան: Անոնց կարգին էր նաեւ Ուրալի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան: Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի պատժական յանձնախումբի նախագահ Արթուր Գրիգորեանց յայտնեց, որ այդ կռիւին մանրամասնութիւններուն քննարկուելէն ետք, համապատասխան...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կիպրոսի Դէմ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Կիպրոսի իր հասակակիցներուն` շնորհիւ Կարէն Մելքոնեանի նշանակած կոլին: Այս յաղթանակը եղաւ երկրորդը` Արտակ Օսէեանի գլխաւորած կազմին: Հայրենի կազմը քանի մը օր առաջ 2-1 արդիւնքով այլ յաղթանակ մը արձանագրած էր` դարձեալ Կիպրոսի դէմ:

«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ – Ռոքեթց` 4-2

ԼաՄարքուս Ալտրիճ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի վեցերորդ ճակատումին, Հիուսթըն Ռոքեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սան Անթոնիօ Սփըրզը, 114-75 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը կրեց անկէ: Ասիկա պատճառ դարձաւ, որ Սփըրզ 4-2 արդիւնքով գերազանցէ Հիուսթըն Ռոքեթցը եւ ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, ուր կը ճակատի Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ, որ 4-0 արդիւնքով գերազանցեց Եութա Ճեզը: Երէկուան այս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Մութթահետ – ՀՄԸՄ Չորրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Մութթահետ-ՀՄԸՄ մրցումը` Թրիփոլիի մէջ գտնուող «Սաֆատի» դաշտին վրայ: Նախանցեալ օր ՀՄԸՄ իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց եւ այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը: Այսօր Թրիփոլիէն Պէյրութ յաղթական վերադարձը ՀՄԸՄ-ի համար շատ կարեւոր է, որպէսզի հինգերորդ եւ վերջին մրցումին կարիքը չզգացուի: ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ` Աղջկանց Բաժակակիր

PROFOTO Երէկ գիշեր Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Պէյրութ: Ռիատի Պէյրութ 65-56 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին: Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Այշա Սաթըրլենտ (18), իսկ Անդրանիկէն` Քինա Մէյս (24 կէտ): Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Զիատ Աշքութի եւ Քլոտ...

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Այաքս Ամսթերտամ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկները «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումներուն դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, երէկ գիշեր Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Այաքս Ամսթերտամ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Անոնք 24 մայիսին կը ճակատին իրարու դէմ` Շուէտի մէջ: Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ երթին Սպանիոյ մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Սելթա Վիկոյին, երէկուան մրցումին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Մարուան Ֆելլայնի նշանակեց Եունայթըտի կոլը (17-րդ)` 70...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տիգրան Կէօքճեան` Հուփսի Մարզի՞Չ

Տիգրան Կէօքճեան Լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ շատ հաւանաբար Տիգրան Կէօքճեան նշանակուի Հուփսի մարզիչ: Հուփս Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին չկրցաւ ապահովել յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Շուրջ չորս տարի Տիգրան Կէօքճեան եղած է Սաժեսի մարզիչ Ֆուատ Ապու Շաքրայի օգնականը (2012-էն 2016), իսկ նախապէս ան եղած է Ռիատիի հետ (2004-էն 2011): Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Կէօքճեան Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի...

Լիբանանի Թենիսի  Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Մասնակի Ընտրութիւններ

Տըպպայէի մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը ժողով մը գումարելով միաձայնութեամբ ֆետերասիոնի նոր անդամ ընտրեց Ռոժէ Պասիլը` Ռիշար Հաժի փոխարէն, որ ներկայացուց իր հրաժարականը: Ֆետերասիոնին նոր անդամը Քոլինա Քաունթրի Քլապ ակումբին մաս կը կազմէ:

Page 978 of 1277 1 … 977 978 979 … 1,277

Արխիւներ