Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա.դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը այսօր` չորեքշաբթի, 17 մայիսին, կրնայ հասնիլ իր աւարտին, անշուշտ եթէ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները յաղթեն Ռիատիի:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ ցարդ տեղի ունեցած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած է, երրորդը արձանագրելու պարագային պիտի հանդիսանայ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան` տիտղոսը` բնականաբար պահելով իր մօտ:
Նախորդ երկու մրցումներուն նման, եթէ ՀՄԸՄ կարենայ ինքզինք պարտադրել իր մրցակիցին` 3-0 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, պիտի դառնայ 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեան:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կը սպասուի այսօր տիտղոսով վերադառնալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր` հոն, տօնախմբութիւնները շարունակելու համար:
Նշենք, որ ուղղակիօրէն պատկերասփռուելիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամ 17:30-ին: