Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի կ՛ունենան Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), այսօր ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը կը կատարէ երկու մրցում:
Առաջին մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:00-ին, ՀՄԸՄ-ի կազմը իր դէմ պիտի ունենայ Անդրանիկ Պէյրութը: Իսկ երկրորդին` ժամը 19:30-ին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցն է Պարաղեմ Նապաթիէ:
ՀՄԸՄ-ի խումբին մաս կազմող մարզիկներն են` Աւօ Մումջողլեան, Միսաք Պոյաճեան, Նարեկ Փանոսեան, Մարուան Մըրշի եւ Սամիր Մըրշի:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ Մոն Լա Սալի դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: