Շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ:
Խումբերը մաս կը կազմեն մէկ խմբակի եւ իրարու դէմ կը մրցին մէկ անգամ` երթի դրութեամբ:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած է 2 մրցում, արձանագրած է 2 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:
ՀՄԸՄ իր յաղթանակները արձանագրեց Լիուա Սայտայի (3-1) եւ Ռիատի Պէյրութի դէմ (3-1), իսկ պարտուեցաւ Ահլի Սայտայէն (3-2) եւ Ժընուպ Թուլէն (3-0):



