Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Խումբերը` Պատմական Տուպլէ Մը Կատարելու Դէմ Յանդիման

Մայիս 15, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Լիբանանեան պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը արդէն հասած է իր աւարտին` աւարտական վերջին փուլի խաղերով:

Աղջկանց պարագային ցարդ տեղի ունեցած է մրցում մը, մինչ երկրորդը պիտի կատարուի այսօր` տղոց առաջին մրցումին զուգահեռ:

Թէ՛ ՀՄԸՄ-ի տղոց, եւ թէ աղջկանց խումբերը, տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով, հաստատ քայլերով եւ իրենք զիրենք պարտադրելով իրենց մրցակիցներուն, այժմ քայլ մը միայն հեռու են տիտղոսին տիրանալէ:

Պաշտպանելու համար իր տիտղոսը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց ախոյեան խումբը շաբաթ, 13 մայիսին արդէն իսկ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` Ռիատիի դէմ, անոր իսկ դաշտին վրայ:

Այսօր անոնք կը մրցին իրարու դէմ` ՀՄԸՄ-ի մարզամշակութային համալիրին մէջ:

Այս մրցումին պիտի յաջորդէ ՀՄԸՄ-Ռիատի տղոց աւարտականի առաջին մրցումը:

Այսօր ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն միայն երկու յաղթանակ չ՛ակնկալուիր, այլ` այդ յաղթանակներու շարքը շարունակել` մինչեւ տիտղոսի ձեռքբերում:

ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը նախապէս ունեցած է տղոց ախոյեան, 1949-1950 տարեշրջանին, մինչ ՀՄԸՄ Անթիլիասէն բացի, ՀՄԸՄ Պէյրութ քանի մը անգամ հանդիսացած է աղջկանց ախոյեան:

Այս տարեշրջանը, սակայն, քիչ մը տարբեր է նախորդներէն, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերն ալ աւարտականին հասած են:

Այսօր եւ յաջորդող օրերը, մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը, պիտի ըլլան շատ կարեւոր, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբերը, պատմական տուպլէ մը կատարելու դէմ յանդիման կը գտնուին:

2016-2017 տարեշրջանին երկու ախոյեան ունենալը ոչ միայն ուրախանալի կամ յիշատակելի պիտի ըլլայ, այլ անիկա պիտի ըլլայ պատմական մեծ իրագործում մը` լիբանանեան մարզական իրականութեան մէջ:

Ախոյեանութեան այս վերջին բաժինը կը նկատուի շատ կարեւոր, անկիւնադարձային յաղթանակներու կերտման շաբաթ մը, որպէսզի փաստուի, որ ՀՄԸՄ իսկապէ՛ս տիրական ներկայութիւն է լիբանանեան պասքեթպոլի մարզաշխարհին մէջ:

Յաջողութիւն եւ տիտղոսին հասնելու համար բոլորս միակամ պիտի պայքարինք, պէտք է խիտ շարքերով ուղղուինք մարզադաշտ, միայն ու միայն քաջալերենք ՀՄԸՄ-ի տղաքը` հեռու մնալով հարցեր հրահրող բացագանչութիւններէ, որոնք ՀՄԸՄ-ականներու վայել չեն եւ կրնան վատ անդրադարձ ունենալ արդիւնքին վրայ:

Եթէ դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները պիտի պայքարին յաղթանակ կերտելու համար, անդին, համակիրները թրիպիւններու վրայ պիտի քաջալերեն իրենց խումբը` ՄԻԱՅՆ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Փաստեց Իր Գերակայութիւնը Ռիատիի Եւ Արձանագրեց Տպաւորիչ Յաղթանակ Մը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

«Պունտըսլիկա».   Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց
Մարզական

«Պունտըսլիկա». Պայերն Միւնիխ 13-րդ Յաջորդական Յաղթանակը Արձանագրեց

Հոկտեմբեր 27, 2025
Մարմնամարզութիւն.  Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Մամիկոն Խաչատրեան Արծաթէ Մետալակիր

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ.  Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց,  Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց
Մարզական

Արժանթինի Ֆութպոլի Բաժակ. Զելարայեան Հիանալի Կոլ Նշանակեց, Բայց Պելկրանօ Դուրս Մնաց

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?