Երէկ Յորդանանի մէջ սկսաւ «ՈՒԱՊԱ»-ի պասքեթպոլի աղջկանց ակումբներու ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն չորս խումբեր:
Լիբանանէն անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց ախոյեան խումբը եւ Ռիատի:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ երէկ մրցեցաւ Յորդանանի կազմին դէմ, արձանագրեց 72-66 արդիւնքով յաղթանակ մը, իսկ Ռիատի յաղթեց պաղեստինեան խումբին:
Այսօր, ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ կը մրցի պաղեստինեան խումբին դէմ, մինչ Ռիատի` Յորդանանի դէմ (ժամը 19:00-ին):
Վաղը, ժամը 17:00-ին, ՀՄԸՄ իրեն մրցակից կ՛ունենայ Ռիատին:
Կիսաւարտականին (հինգշաբթի), առաջին դիրքը գրաւողը կը մրցի չորրորդին դէմ, իսկ 2-րդը` 3-րդին դէմ:
Ուրբաթ օր տեղի կ՛ունենայ աւարտականի մրցումը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի կատարած երէկուան մրցումին, Ամմանի մէջ բնակող մեծ թիւով հայ համակիրներ եկան եւ քաջալերեցին Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը:
ՀՄԸՄ-էն տապըլ տապըլ իրագործեցին Էյնճըլ Մաքքաֆթրի (27 կէտ, 13 ռիպաունտ) եւ Կինթարէ Փեթրոնիթէ (13 կէտ, 15 ռիպաունտ), մինչ Սանտրա Նաժըմ նշանակեց 17 կէտ:




