5-13 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Թորոնթոյի (Քանատա) թենիսի «Ռոճըրզ-Քափ»-ի միջազգային մրցաշարքը, որուն մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2,7 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշուեցաւ, որ մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ ռուս Մարիա Շարափովա ստացաւ յատուկ հրաւէր մը` անոր մասնակցելու համար:
Եթէ ան որոշէ մասնակցիլ այդ մրցաշարքին, անիկա Շարափովայի համար պիտի ըլլայ երկրորդ մրցաշարքը, որուն կը մասնակցի, իր ստացած կախակայումի պատիժէն ետք:
30 տարեկան Շարափովա 26 ապրիլին վերադարձաւ թենիսի դաշտերը:
«Ռոճըրզ Քափ»-ի մրցաշարքին Շարափովայի լաւագոյն արդիւնքը եղաւ 2009-ին, երբ հասաւ աւարտականին: