Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները:
Կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Մապարրան:
12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 28 մայիսին, յետմիջօրէին ժամը 15:00-ին, ՀՄԸՄ Սաֆայի դաշտին վրայ կը մրցի Շապապ Արապիի դէմ: