Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին քաշային կարգի «Տապլիու Պի. Օ.»-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ այցելեց Մասիսի երիտասարդական կեդրոն:
Ան կեդրոնին մէջ զրուցեց Մասիս քաղաքէն եւ շրջակայ գիւղերէն հոն գտնուող երեխաներուն եւ երիտասարդներուն հետ, պատասխանեց զանոնք հետաքրքրող հարցումներուն, անոնց բաժնեց իր ստորագրութիւնը եւ նկատուեցաւ անոնց հետ:
Ապա, 37 տարեկան կռփամարտիկը այցելեց Մասիսի մէջ կառուցուող ընտանեկան առաջին մարզահամալիրին հրապարակը եւ հոն ծանօթացաւ տարուող աշխատանքներուն:
ԱՖՖԱ (Ադիբեկեան ֆամիլի ֆաունտէյշըն ֆոր ատվենսմընթ) բարեգործական կազմակերպութեան կողմէ կառուցուող մարզական այս համալիրը պիտի ունենայ մինի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դաշտեր, մարզասարքերով օժտուած բացօթեայ տարածք, ինչպէս նաեւ երեխաներու համար նախատեսուած խաղավայր, այս մասին հաղորդեց Արթուր Աբրահամի մամլոյ քարտուղարութիւնը: