Յորդանանի մէջ տեղի ունեցող ՈՒԱՊԱ-ի աղջկանց պասքեթպոլի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը պաղեստինեան Տելասալէ խումբին դէմ, բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց` 60-39 արդիւնքով (8-11, 4-17, 13-15 եւ 14-17):
Երէկուան այս մրցումին ՀՄԸՄ իր յաղթանակը արձանագրեց մրցելով միայն իր լիբանանցի մարզիկներով, մինչ Կինթարէ Փեթրոնիթէ, Էյնճըլ Մաքքաֆթրի, ինչպէս նաեւ Այտա Պախոս մրցումին չմասնակցեցան:
ՀՄԸՄ-էն Մեղրի Թորոսեան նշանակեց 12 կէտ, 4 ռիպաունտ, Ճոյս Սալիպա` 8 կէտ, 14 ռիպաունտ, Թաքլա Քամել` 18 կէտ, 8 ռիպաունտ, Լէյլա Ֆարես` 7 կէտ, 8 ռիպաունտ, Մակի Զաքարեան` 3 կէտ, 6 ռիպաունտ, Ֆարահ Հարաքէ` 2 կէտ, Լարա Գրաճեան` 6 կէտ, Քաթերին Հաժ` 4 կէտ, 7 ռիպաունտ:
Այսօր, ժամը 17:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
Մրցումին յաղթականը պիտի գրաւէ խմբակին պարագլուխի դիրքը եւ կիսաւարտականին պիտի մրցի 4-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել եւ գրաւել առաջին դիրքը:



