
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց եւ տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Տղոց տիտղոսին տիրացաւ Ժընուպ Թուլ խումբը, որ աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆատի Աքտասի, իր պատմութեան մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց ախոյեանութեան, Նատուա Քամաթիէ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք ՀՄԸՄ Պէյրութի:
Մարիանա Սահակեան (Նատուա) 3-0 արդիւնքով յաղթեց Լարա Քեչեպաշեանի, Մալեք Խուրի` Նոել Քէշիշեանի (3-0), իսկ Մարիամ Հապաշ` Միրէյ Պոյաճեանի (3-0):
Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի աղջիկները հանդիսացան երրորդ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը ախոյեանութիւնը աւարտեցին 5-րդ դիրքին վրայ, մինչ Ժընուպ Թուլի եւ Ֆատի Աքտասի ետին երրորդ դիրքը գրաւեց լիբանանեան բանակը: