«Լա լիկա»-ի կազմերէն Աթլեթիքօ Պիլպաօ իր պաշտօնական կայքին միջոցով յայտնեց, որ ակումբի մարզիչ Էռնեսթօ Վալվերտէ հեռացաւ իր պաշտօնէն:
Սպանական մամուլին համաձայն, 53 տարեկան մարզիչը մեծ յոյսեր ունի ըլլալու Պարսելոնայի յաջորդ մարզիչը` փոխարինելով Լուիս Էնրիքէն, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի Պարսելոնայի հետ այս տարեշրջանին աւարտին:
Կը նշուի, որ Պարսելոնա իր նոր մարզիչին անունը պիտի յայտարարէ, երբ 29 մայիսին տեղի ունենայ ակումբի տնօրէններու խորհուրդին նիստը:
Նշենք, որ սպանացի Վալվերտէ 2013-էն ի վեր Աթլեթիքօ Պիլպաոյի մարզիչն էր: