17-20 մայիսին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցան Եւրոպայի Ուու շուի մեծերու, երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) եւ պատանիներու (16 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան մրցումները, որոնց ընթացքին արցախցի մարզիկները խլեցին երեք առաջնութիւն:
«Արցախփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի հաւաքականին կազմին հետ այս ախոյեանութեան մասնակցեցան Արցախէն եօթը մարզիկներ, որոնցմէ երեքը հանդիսացան ախոյեան, իսկ երեքը երրորդ դիրքի արժանացան:
Եւրոպայի պատանիներու ախոյեան հանդիսացան Արսէն Բաղրեան (48 քկ), Վարդան Աբրահամեան (60 քկ) եւ Հայկ Գասպարեան:
Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան (երիտասարդներու ախոյեանութեան)` Դաւիթ Դանիէլեան (60 քկ), իսկ մեծերուն մէջ` Գորիս Սարգսեան (60 քկ) եւ Հայկ Խաչատրեան (65 քկ):
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 28 երկիրներէ աւելի քան 800 մարզիկներ: