Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր Ռէալ Մատրիտ Մալակայի դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (2-0) հանդիսացաւ Սպանիոյ ախոյեան:
Իր կազմին հետ ախոյեան դառնալէ ետք Ռէալ Մատրիտի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս, ամբողջութեամբ կտրելով իր մազերը, իր այս տիտղոսը նուիրեց քաղցկեղի դէմ պայքարող բոլոր երեխաներուն:
«ԱՍ» մէջբերեց Նաւասի հետեւեալ խօսքերը. «Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ, որ քաղցկեղէ տառապող բոլոր երեխաները շուտ ապաքինին: Անոնց ընտանիքներուն կը մաղթեմ համբերութիւն: Այս տիտղոսը անոնց համար է»: