«Եուրոփա լիկ» ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի մրցի Այաքս Ամսթերտամի դէմ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Սթոքհոլմի մէջ (Շուէտ):
Նշենք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիկները երէկ իրենց փորձերուն սկսան մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելով երէկ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան զոհ գացած անձերուն յիշատակը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ այսօրուան մրցումին նկատի առնուած է իբրեւ հիմնական մարզիկ, յայտնեց անգլիական ակումբին պաշտօնական կայքը: