Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախագահ Փիեռ Քախիայի:
Անոր կ՛ընկերանային ֆետերասիոնի փոխնախագահ Ռամի Ֆաուազ եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք:
Քախիա Պըրրիին ծանօթացուց ֆետերասիոնին տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ներկայացուց յառաջիկային իր իրագործելիք ծրագիրը:
Պըրրի գնահատելով ֆետերասիոնին տարած աշխատանքը յայտարարեց, որ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ եւ ամէն գնով պիտի աջակցի, որպէսզի Լիբանան օգոստոսին հիւրընկալէ Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը:
Աւարտին Քախիա Պըրրիին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին մարզաշապիկը: