
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի 5-րդ ճակատումին, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Ռիատի երրորդ մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ առաջին երկու մրցումներուն ինք էր, որ յաղթանակ արձանագրած էր, մինչ յաջորդ երկուքին` Ռիատի:
Հետեւաբար, երէկուան մրցումին յաղթանակ արձանագրող խումբը պիտի յառաջանար 3-2 արդիւնքով:
Երէկուան այս մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ հիւր կազմը` Ռիատի, որ 12 կէտի տարբերութեամբ` 76-64 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (20-23, 36-37, 53-59 եւ 64-76):
Մրցումը եղաւ գրեթէ հաւասարակշռուած, մինչեւ երրորդ քորթըրին աւարտը: Սակայն վերջին քորթըրին Ռիատի ինք եղաւ աւելի շատ կէտեր նշանակողը, մանաւանդ անոր առաջին հինգ վայրկեանին` տասը, վեցի փոխարէն, մինչ վերջին հինգ վայրկեանին` եօթը 5-ի փոխարէն:
Սակայն ՀՄԸՄ երրորդ քորթըրը աւարտեց վեց կէտի ուշացումով:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները 28 թրի փոյնթերէն 7-ն հասցուցին իրենց նպատակին, մինչ Ռիատի` 33-էն 11-ը:
Երեքական թրի փոյնթ նշանակեցին Էլի Շամուն, Ալի Հայտար եւ Էտկար Սոսա, մինչ երկուքական` Տուայն Ճեքսըն, Պրանքօ Սվեթքովիչ եւ Իսմայիլ Ահմետ:
Հակառակ վիրաւոր ըլլալուն, Ֆատի Խաթիպ մրցումին մասնակցեցաւ 35 վայրկեան` նշանակելով 10 կէտ, 5 ռիպաունտ եւ 5 էսիսթ:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւըն Կալոուէյ` 17 կէտ (5 ռիպաունտ, 4 էսիսթ, 2 սթիլ):
Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 16 կէտ, Էլի Շամուն` 9 կէտ, Սթեր Մաճոք` 6 (9 ռիպաունտ), Սեւակ Քեթենճեան եւ Հայկ Կէօքճեան` 3-ական:
Իսկ Ռիատիէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալատէ Ամինու (14 կէտ, 18 ռիպաունտ) եւ Էտկար Սոսա (13 կէտ, 12 էսիսթ):
Այժմ ՀՄԸՄ 3-2 արդիւնքով ետ կը մնայ, հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ քաջալերեցին իրենց կազմը, մրցումին սկիզբէն մինչեւ աւարտը, ըլլալով խումբին կողքին: Սակայն դժբախտաբար անոնց քաջալերանքը չեկաւ խումբին յաղթանակ մը ապահովելու:
Նշենք, որ մրցումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան:
Պարտադրելու համար եօթներորդ եւ վերջին մրցումը, ՀՄԸՄ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:45-ին, երբ մրցի Ռիատիի դէմ անոր դաշտին վրայ, վեցերորդ մրցումին անկարելին կարելի պէտք է դարձնէ, որպէսզի պարտադրէ վերջին մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Եթէ Ռիատի յաղթեց «Աղբալեան»-ի մէջ, ՀՄԸՄ իր կարգին կրնայ յաղթանակ արձանագրել Մանարայի մէջ, թէկուզեւ այդ մրցումը տեղի ունենայ առանց համակիրներու ներկայութեան: