
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին, Պէյրութ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 61-60 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Անթունիէի, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Անթունիէ տիրապետեց առաջին երեք քորթըրներուն, մինչ Պէյրութ` վերջինին:
Այսպիսով, Պէյրութ, որ առաջին մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրած էր (78-70), այժմ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ իր մրցակիցը:
Անոնց միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Շիահի դաշտին վրայ:
Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Պէյրութ պիտի հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ:
Անթունիէէն Մարք Քորճեան, որ առաջին մրցումին նշանակած էր 18 կէտ (ներառեալ` 4 թրի փոյնթ), երկրորդ մրցումին նշանակեց միայն 5 կէտ (1 թրի փոյնթ):
Պէյրութէն Անիս Ֆըղալի նշանակեց 22 կէտ, ներառեալ` 5 թրի փոյնթ:
Այստեղ պէտք է նշել, որ մրցումին ընթացքին Անթունիէ առիթով մը ունեցաւ 16 կէտի առաւելութիւն (22-6):
Օրուան իրաւարարներն էին Ռապպահ Նըժէյմ, Ատել Խուէյրի եւ Ժորժ Սաատ:
Անթունիէի մարզիչն է Ղասսան Սարգիս, իսկ Պէյրութի մարզիչը` Փաթրիք Սապա: