Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած 1 յունիսի միջազգային դասաւորման մէջ Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մէկ դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2793 վարկանշային կէտեր:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն` Սերկէյ Մովսիսեան կը գտնուի 64-րդ դիրքին վրայ, մինչ Վլատիմիր Յակոբեան 84-րդ է:
Աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը (2831), անոր ետին կը գտնուի Ուեսլի Սօ (Միացեալ Նահանգներ, 2812), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Վլատիմիր Քրամնիք (Ռուսիա, 2808):