Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Հայաստանի կառավարութիւնը իր գումարած վերջին ժողովներէն մէկուն կազմեց 2017-2020 տարիներուն մասնաւորեցման ենթարկուելիք կառոյցներու` ծրագիրը:
Որոշուեցաւ վաճառքի հանել կարգ մը կառոյցներ, որոնց կարգին` «Հրազդան» մարզադաշտը:
Յայտնենք, որ յունիս 2015-ին Հրազդան մարզադաշտը Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանին որոշումով ճանչցուեցաւ… սնանկացած:
«Հրազդան» մարզադաշտին կառուցումը սկսաւ 1970-ին: Անկէ մէկ տարի ետք, 19 մարտ 1971-ին, տեղի ունեցաւ անոր բացման հանդիսութիւնը` Արարատ-Քայրաթ մրցումով, որուն ընթացքին Արարատ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: