Քարտիֆի «Միլենիում» մարզադաշտին տանիքը փակ պիտի ըլլայ Ռէալ Մատրիտի եւ Եուվենթուսի միջեւ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, յայտնեց Կալեսի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Նման որոշում տրուեցաւ բոլոր կողմերուն հետ Տեղի ունեցած քննարկումներէն ետք:
Աւարտական մրցումէն մէկ օր առաջ, մարզադաշտին տանիքը փակ պիտի ըլլայ նաեւ խումբերուն կատարելիք փորձերուն ընթացքին:
Առաջին անգամ ըլլալով «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականը, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 3 յունիսին, պիտի կատարուի փակ տանիքով մարզադաշտին մէջ, այդ ալ` Կալեսի մայրաքաղաքին մէջ: