
Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Անժիի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքոյի փոխարէն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական հրաւիրուեցաւ Բանանցի բերդապահ Արամ Հայրապետեան:
Երէկ հայրենի կազմը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ սկսաւ իր մարզական հաւաքին` պատրաստուելու համար 4 յունիսին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սենթ Քիթց Էնտ Նեւիսի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումին:
Այս մրցումին պիտի յաջորդէ 10 յունիսին տեղի ունենալիք Մոնթենեկրօ – Հայաստան ճակատումը, որ կ՛իյնայ 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի ծիրին մէջ: