Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթ Մանչեսթըր Եունայթըտ իր ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ «Եուրոփա-լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, երբ Սթոքհոլմի (Շուէտ) «Ֆրենտզ-Արենա» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին` Այաքս Ամսթերտամին:
Անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ձեռք ձգուած այդ բաժակը զետեղուած է Մանչեսթըր Եունայթըտի թանգարանին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին Եունայթըտի ռմբաձիգը հանդիսացաւ (Եւրոպական մրցաշարքի) իր նշանակած 6 կոլերով, քուէարկութեան ընթացքին աւարտական այդ մրցումին լաւագոյն մարզիկը նկատուեցաւ: