Հոնտիւրասի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումէն առաջ հազարաւոր համակիրներ դաշտ չեն կրցած մտնել` դաշտին մուտքերուն բաւական խճողուած ըլլալուն պատճառով:
Հրմշտուքի եւ իրարանցումի պատճառով 4 անձեր ոտնակոխ մահացած են, իսկ աւելի քան 25 այլ անձեր` վիրաւորուած:
«Տէյլի Մէյլ» կը հաղորդէ, որ նոյն պատճառով յղի կին մը կորսնցուցած է իր զաւակը:
Կը նշուի, որ այս միջադէպին պատճառը նախատեսուածէն շատ աւելի մեծ թիւով տոմսերու վաճառուած ըլլալն է:
Հակառակ ամէն ինչի, աւարտական այս մրցումը տեղի ունեցած է, իսկ Մոթակուա դարձած է բաժակակիր: