Կազմակերպութեամբ Սանթրալ վարժարանին (Ժունիէ), շաբաթ, 10 յունիսին տեղի կ՛ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ:
Այս մրցաշարքը, որ պիտի կատարուի Սանթրալի վարժարանին մէջ, տեղի պիտի ունենայ հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի:
Տեղի պիտի ունենան երեք դասակարգի մրցումներ` 10 տարեկանէն վար (2009-ի ծնունդ եւ վեր), 14 տարեկանէն վար (2005-էն 2008-ի ծնունդ) եւ 18 տարեկանէն վար (1999-էն 2002-ի ծնունդ),
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հինգշաբթի, 8 յունիսը: