Անցնող քանի մը օրերուն տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի աւարտականի երրորդ մրցումը` «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ:
Այս մրցումը ճակատագրական էր` նկատի ունենալով, որ արդիւնքը` Լէոնի եւ Չարբախի միջեւ, կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ, եւ յաղթականը պիտի դառնար Հայաստանի ախոյեան:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, մրցումը աւարտեցաւ 7-7 հաւասարութեամբ:
Յաղթական խումբին անունը յստակացաւ, երբ Լէոն փենալթիներով 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով դարձաւ Հայաստանի ախոյեան: