Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Ապու Տապիի խումբերէն Նասըր յայտարարեց, որ պայմանագրութիւն մը կնքած է 59 տարեկան մարզիչին հետ: Խումբին նախկին մարզիչն էր` Եան Փեթերսքու:
Փրանտելլիի վերջին ակումբը եղած էր Վալենսիան, որմէ հեռացաւ դեկտեմբեր 2016-ին:
Ան եղած է նաեւ իտալական շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ա. Էս. Ռոմայի եւ Ֆիորենթինայի մարզիչ: