Պորուսիա Տորթմունտի մամլոյ քարտուղարութիւնը անցնող քանի մը օրերուն իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ իր միջնապահը` Մարքօ Ռէոս ֆութպոլի դաշտերէն պիտի բացակայի 4-8 ամիսով:
27 տարեկան գերմանացին վիրաւորուեցաւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, թէեւ իր կազմին հետ հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Ռէոս, որուն ծունկը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ այդ մրցումին, նախապէս ստացած վնասուածքի մը պատճառով Գերմանիոյ կազմէն բացակայած էր 2014-ի մոնտիալին եւ Եուրօ-2016-ին:
Այժմ հարցականի տակ է այն, որ Ռէոս պիտի կարենա՞յ իր մասնակցութիւնը բերել 2018-ի մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունեայ Ռուսիոյ մէջ: