Իտալացի փորձառու մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ չինական Ժիանկսու Սանինկ ֆութպոլի խումբին մարզիչ: 70 տարեկան Քափելլօ, որ 1,5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, տարեկան պիտի ստանայ 10 միլիոն եւրօ աշխատավարձ, յայտնեց «Քորիերէ Տելլօ Սփոր»:
Չինաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ այդ կազմը 8 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը: Քափելլօ իր նոր կազմին հետ առաջին մրցումը պիտի կատարէ 18 յունիսին:
Յայտնենք, որ 2015-ին Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն հեռանալէն ետք Քափելլօ կը մնար անգործ:
Ան նախապէս մարզած է Ա. Սէ. Միլանը, Ռէալ Մատրիտը, Ա. Էս. Ռոման, Եուվենթուսը եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը: