Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած բոլոր մրցումներուն արդիւնքները:
Նկատի ունենալով, որ Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. եւ Բ. խմբակներու մրցումները աւարտեցան, Հարուֆ (Ա. խմբակ) եւ Շապապ Պըրժ (Բ. խմբակ) բարձրացան Գ. դասակարգ:
Ճշդելու համար Դ. դասակարգի ախոյեանին անունը, վերոնշեալ երկուքին միջեւ շաբաթ, 17 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ մրցում մը, Ահտի դաշտին վրայ:
Ֆետերասիոնը վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց ընթացքին Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նեպի Շիթի հետ: