Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին ու «Փաթրիք Ասսաֆ» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 3-5 յուլիսին Ժամհուր վարժարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ անոր 13-րդ մրցաշարքը:
Տեղի պիտի ունենան տարբեր տարիքի եւ դասակարգի մրցումներ:
Մրցումները կը սկսին կէսօրէ ետք ժամը 16:30-ին եւ կ՛աւարտին երեկոյեան ժամը 21:00-ին:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, թէ այն մարզիկը, որ 15 վայրկեանէն աւելի կ՛ուշանայ, կը նկատուի պարտուած:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 30 յունիսը: