Շաբաթ, 10 յունիսին, Մինսքի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը:
Ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Մաքսիմ Մաթլաքով, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց նոյնքան կէտ (8,5) ապահոված Պաատուր Ջոպաւան (Վրաստան) եւ Վլատիմիր Ֆետոսէեւը (Ռուսիա), որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:
Հայաստանի 19 ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգեցին Հրանդ Մելքումեան, Սերկէյ Մովսիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Արամ Յակոբեան, որոնք ապահովեցին 7,5-ական կէտ եւ բաժնեցին 15-38-րդ դիրքերը:
Լրացուցիչ ցուցանիշներով, Մելքումեան գրաւեց 19-րդ դիրքը եւ 2017-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին մասնակցելու իրաւունք ստացաւ:
7-ական կէտ ապահովեցին Արման Միքայէլեան եւ Արման Փաշիկեան, 6,5-ական կէտ` Մանուէլ Պետրոսեան եւ Վահէ Բաղդասարեան, իսկ 6 կէտ` Զաւէն Անդրէասեան:
Այս տարի Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցեցան 395 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 171 կրանտմասթըրներ:
Եւրոպայի անհատական այս ախոյեանութիւնը, զտումի մրցաշարք մը կը նկատուի` 2017-ի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:
Ըստ ՖԻՏԷ-ի օրէնքին եւ Եւրոպայի ճատրակի ֆետերասիոնի որոշումին, առաջին 22 դիրքերը գրաւողները կ՛ապահովեն աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իրենց տոմսերը: