
Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Նորուէյ Չես-2017» գերմրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճակատեցաւ ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի դէմ, կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց:
Հայկական ճատրակի յառաջատարը, որ իր այս յաղթանակը արձանագրեց 34-րդ շարժումին` ապահովելով մրցաշարքի իր չորրորդ կէտը, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը:
7-րդ հանգրուանին` վաղը, Արոնեան սեւ քարերով կը մրցի Սերկէյ Քարժաքինի (Ռուսիա) դէմ:
Յայտնենք, որ Արոնեանի միջազգային վարկանիշն է 2793, իսկ Քրամնիքինը` 2808: