Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ նախորդ շաբաթավերջին հասաւ Մալեզիա, այսօր` երեքշաբթի, 13 յունիսին, կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Մալեզիոյ ազգային խումբին դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի «Էն. Պի. Էն.» եւ «Էլ. Պի.-2» պատկերասփիւռի կայաններէն:
Այս մրցումը կ՛իյնայ Ասիոյ ֆութպոլի 2019-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնց աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ` 2019-ին:
Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան զտումի այս մրցումներուն սկսաւ, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Հոնկ Քոնկին:
Լիբանանի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ (Մոնթենեկրօ) յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց, որ իր կազմը պատրաստ է այս մրցումին: