4 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռիտա Անթարի հրաժեշտի մրցումը:
Ինչպէս ծանօթ է, այդ մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Պարսելոնայի սպանացի աստղ Ժերար Փիքէ:
Մրցումին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ ֆութպոլասէր համակիրներուն փափաքին ընդառաջելով, մրցումին վայրը փոփոխութիւն կրեց: Ուստի, փոխան Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին անիկա տեղի պիտի ունենայ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, որ աւելի շատ համակիրներ կրնայ հիւրընկալել:
Մրցումին տոմսերը կը սկսին տասը հազար լիբանանեան ոսկիէն: