Մարզական

Մանչեսթըր Եունայթըտ 4 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Վիքթոր Լինտելոֆի Հետ

Մանչեսթըր Եունայթըտ 4 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Վիքթոր Լինտելոֆի Հետ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ ակումբը 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց շուէտացի յետսապահ` Վիքթոր Լինտելոֆի հետ, որ մաս կը կազմէր Պենֆիքայի: 22 տարեկան մարզիկին պայմանագրութիւնը ուժի մէջ կը մտնէ 1 յուլիս 2017-էն սկսեալ: Ան իր նոր ակումբին հետ պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր խումբը պիտի կատարէ իր ամառնային շրջագայութիւնը: Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ ըսաւ, որ Վիքթոր Լինտելոֆ բացառիկ...

«Նորուէյ-Չես». Արոնեան Յաղթեց Քարժանիքին Եւ Առանձնացաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ

Երէկուան ճակատումէն Նովեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Նորուէյ Չես-2017-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան 7-րդ հանգրուանին իր կատարած ճակատումին սեւ քարերով յաղթեց ռուս Սերկէյ Քարժաքինի: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արոնեան ապահովելով 5 կէտ առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ: Հայրենի կրանտմասթըրին հասնելու կարելիութիւն ունէր ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա, սակայն ան 7-րդ հանգրուանին սեւ քարերով հաւասարութիւն մը...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Վերադարձաւ Մալեզիայէն

Լուսանկարը Տրամադրեց` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Երէկ` չորեքշաբթի, 14 յունիսին, Մալեզիայէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք դաշտին տիրոջ դէմ տեղի ունեցած մրցումին, որ կ՛իյնայ Ասիա-2017-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ (Բ. խմբակ): Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, այժմ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Նշենք, որ Լիբանանի...

«Ռոլան Կարոս» Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Այցելուներու Թիւի Իմաստով

Ֆրանսայի թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի 2017-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին այցելուներու թիւի իմաստով հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը, կը յայտնէ Tennis.com կայքը: Այս տարի բոլոր մրցումներուն (ներառեալ` զտումի հանդիպումները) ներկայ գտնուած են 472 հազար հանդիսատեսներ: Կրան շլեմի այս մրցաշարքին գծով մրցանիշը հաստատուած էր նախորդ տարի, երբ մրցումներուն ներկայ գտնուած էին 456 հազար հանդիսատեսներ: Ատկէ բացի, սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ իր կարգին մրցանիշ...

Եւրոպայի 2019-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականի Յաղթական Մեկնարկը

Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար 2019-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, երբ Ֆարօ քաղաքի (Փորթուգալ) «Ալքարվէ» մարզադաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Արթուր Ոսկանեանի կազմը, որ մաս կը կազմէ Է. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Ռուսիան, Աւստրիան, Սերպիան եւ Մակեդոնիան: Հայրենի կազմին կոլերը նշանակեցին Նարեկ Պետրոսեան (9-րդ), Ալիք...

Ֆետ-Քափ. Հայաստանի Աղջկանց Խումբին Առաջին Պարտութիւնը

Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «ֆետ-քափ»-ի մրցաշարքին գծով իր կատարած առաջին մրցումին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Մալթայէն, 3-0 արդիւնքով: Կապրիելլա Յակոբեան եւ Աննա Մովսիսեան պարտուեցան անհատական մրցումներուն, մինչ Մարիա Դաւթեան - Աննա Մովսիսեան զոյգը` զոյգի մրցումներուն: Այս տեղեկութիւնները հաղորդեց մրցաշարքին կազմակերպիչ կայքը:

10 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Հայաստանի Տղոց 18 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 18 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը 2007-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: 19 յունիսին խումբը հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Եղիշ Դաւթեանի գլխաւորութեամբ կը կատարէ հաւաք մը: Նախատեսուած է նաեւ բարեկամական մրցում մը` Վրաստանի նոյն տարիքի հաւաքականին դէմ: Եւրոպայի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կերըթ Պէյլի Համար Պատրաստ Է Վճարելու 175 Միլիոն Եւրօ

«Ի. Էս. Փի. Էն. կը հաղորդէ, որ իր կազմին միացնելու համար Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլը, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն պատրաստ է վճարելու 175 միլիոն եւրօ: Արքայական ակումբի եւ Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի 27 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար աշխատանք կը տանի նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ պատրաստ է վճարելու 150 միլիոն եւրօ: Ռէալ Մատրիտի հետ Պէյլի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Դասաւորում. Հայաստան Գ. Զամբիւղէն Նահանջեց Դ. Զամբիւղ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հրապարակեց եւրոպական ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը: 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ այս հանգրուանին պարտութիւն մը կրեց, Գ. զամբիւղէն նահանջեց Դ. զամբիւղ: Ստորեւ` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին հրապարակած նոր դասաւորումը. Ա. ԶԱՄԲԻՒՂ.- Գերմանիա, Փորթուգալ, Պելճիքա, Սպանիա, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Իտալիա, Անգլիա, Լեհաստան, Խրուաթիա, Իսլանտա եւ Շուէտ: Բ....

Կրիզման Իր Պայմանագրութիւնը Երկարաձգեց Մինչեւ 2022

Աթլեթիքօ Մատրիտի միջնապահ Անթուան Կրիզման պիտի շարունակէ հանդէս գալ իր ակումբին հետ` նկատի ունենալով, որ ան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2022, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Պայմանագրութեան երկարաձգման առնչութեամբ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չներկայացուեցան: Կը նշուի միայն, որ ֆրանսացիին աշխատավարձը բարձրացած է, մինչ անոր հրաժարագինը կը մնայ անփոփոխ` 100 միլիոն եւրօ: Այստեղ պէտք է նշել այն կարեւոր կէտը, որ Կրիզման հրաժարեցաւ փոխանցուիլ Մանչեսթըր...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Նոր Մրցանակներ Պիտի Յանձնէ Եւրոպական Ֆութպոլի Մրցաշարքերու Լաւագոյն Մարզիկներուն

Իր պաշտօնական կայքին միջոցով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ այսուհետեւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով լաւագոյն մարզիկներուն պիտի յանձնէ մրցանակներ: «Չեմփիընզ-լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն լաւագոյն բերդապահի, յետսապահի, միջնապահի, եւ յառաջապահի մրցանակներ պիտի տրուին ֆութպոլիստներուն: Առաջին մրցաշարքին պարագային, մրցանակները պիտի տրուին 24 օգոստոսին (Մոնաքոյի մէջ), «Չեմփիընզ-լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութեան ընթացքին (2017-2018 տարեշրջան): Իսկ 25 օգոստոսին «Եուրոփա լիկ»-ի խմբակներու...

«Փրեմիեր-Լիկ». 2017-2018 Տարեշրջանը Կը Սկսի Շաբաթ 12 Օգոստոսին

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր պաշտօնական կայքին ընդմէջէն հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր-լիկ»-ի 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի շաբաթ, 12 օգոստոս 2017-ին: Ախոյեան Չելսի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Պըրնլին, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Ուեսթ Համը: Այս տարեշրջանին բարձրագոյն դասակարգին նորեկներն են Պրայթըն, Նիւքասըլ եւ Հատըրսֆիլտ: Ստորեւ` Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. Արսենալ - Լայսթըր Սիթի Պրայթըն...

Հայկական Ֆութպոլ. Բանանց-2` Ա. Դասակարգի Ախոյեան

Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը իր կարգին հասաւ աւարտին: Ախոյեան հանդիսացած Բանանց-2 իր տիտղոսը, մետալները եւ վկայագիրները ստացաւ Բանանցի գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեանի կողմէ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Վարչութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Յանձնախումբը Պատուեց  48-րդ Անգամ Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան  Հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասը

Ներկայութեամբ Մեծաթիւ Հրաւիրեալներու. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Վարչութիւնը Եւ ՀՄԸՄ-ի Պասքեթպոլի Յանձնախումբը Պատուեց 48-րդ Անգամ Լիբանանի Աղջկանց Ախոյեան Հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասը

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ Իւրայատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը պատուեցին յաջորդաբար 2-րդ տարին ըլլալով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խուբը: Այս հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան...

Ասիա-2019. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Յաղթեց Մալեզիոյ

Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը քիչ մը դժուար, բայց կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Մալեզիոյ դէմ` 2-1 արդիւնքով, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Ա. կիսախաղին 1-0 արդիւնքով ետ մնացած Լիբանան, իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց 79-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Ռապիհ Աթայայի: Նոյնինքն Աթայա կերտեց Լիբանանի յաղթանակը, երբ կորսուած վայրկեաններուն` 93-րդ, նշանակեց Լիբանանի յաղթանակի...

Հայաստանի Ախոյեան Ալաշկերտ Մինսքի Մէջ Սկսաւ Իր Հաւաքին

Պատրաստուելու համար «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի մրցաշարքին (2017-2018 տարեշրջան), Հայաստանի ախոյեան Ալաշկերտ Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) սկսաւ իր հաւաքին, որ պիտի տեւէ 10 օր: Առաջին օրուան փորձերուն հայկական կազմին հետ փորձեր կատարեց նաեւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը: Ալաշկերտին նոր միացած կեդրոնի սերպ յետսապահ Միլիան Եապլան իր կարգին փորձերուն մասնակցեցաւ: Եապլան, որ նախապէս մաս կազմած է սերպական Նովի Սատի, վերջին անգամ...

Ճատրակ. Հայաստանէն 4 Խաղացողներ Ամբողջացուցին Կրանտմասթըրի Կարգը

Մինսքի մէջ աւարտած Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, հիմնական մրցանակներէն բացի սահմանուեցան նաեւ շարք մը յատուկ մրցանակներ` լաւագոյն արդիւնք ձեռք ձգած, վեթերան, կին եւ 18 տարեկանէն վար խաղացողներուն համար: Հայրենի ճատրակ խաղացողներէն Հայկ Մարտիրոսեան եւ Արամ Յակոբեան ապահովեցին 7,5-ական կէտ: Աւելի բարձր լրացուցիչ ցուցանիշներու շնորհիւ, Մարտիրոսեանի արդիւնքը` 18 տարեկանէն վար, ճանչցուեցաւ լաւագոյնը, իսկ Յակոբեանինը` երկրորդը: Բացի ատկէ, Հայկ Մարտիրոսեան, Արամ Յակոբեան,...

4-1 Արդիւնքով Գերազանցելով Քլիվլենտ Քաւալիրզը`. Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ Հանդիսացաւ 2016-2017 Տարեշրջանի «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ախոյեան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ երէկ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր դաշտին վրայ, մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան, հիւրընկալեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Նախորդ տարեշրջանին եւս երկու կազմերը աւարտականին ճակատեցան իրարու դէմ, եւ Քաւալիրզ հանդիսացաւ ախոյեան: Սակայն այս տարեշրջանին պատկերը շրջուեցաւ, որովհետեւ Ուորիըրզ 129-120 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (37-33, 23-38, 33-27 եւ 27-31) եւ 4-1 արդիւնքով գերազանցելով Քաւալիրզը,...

Պիւֆոն Շատ Հաւանաբար 2018-ի Մոնտիալէն Ետք Աւարտէ Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Եուվենթուսի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն հաստատեց, որ կը նախատեսէ 2018-ի մոնտիալէն ետք աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: «Կը կարծեմ, որ բաւական հարուստ տարեշրջան մը կը սպասէ ինծի` 2017-2018 տարեշրջանին: Եթէ պատահի, որ մինչեւ 2019 տիրանանք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, ապա կը շարունակեմ ելոյթներս, որպէսզի անկէ ետք փորձեմ Եուվենթուսի հետ տիրանալ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսին», ըսաւ...

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Բացման Մրցումը` Ռուսիոյ Եւ Նոր Զելանտայի Միջեւ

17 յունիսէն 2 յուլիս Ռուսիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 8 խումբերու: Մրցաշարքին կը մասնակցին Աւստրալիա, Չիլի, Մեքսիքա, Փորթուգալ, Քամերուն, Գերմանիա, Նոր Զելանտա եւ հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա: Բացման մրցումին իրարու դէմ պիտի մրցին Ռուսիա եւ Նոր Զելանտա:

Page 966 of 1277 1 … 965 966 967 … 1,277

Արխիւներ