Goal.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ անգլիական Լայսթըր Սիթիի նախկին գլխաւոր մարզիչ Քլաուտիօ Ռանիերի պիտի վերադառնայ Ֆրանսա եւ գլխաւորէ Նանթը:
Նախքան Անգլիա տեղափոխուիլը, Ռանիերի եղած է Մոնաքոյի մարզիչ:
Ան պիտի փոխարինէ Սերճիօ Քոնսէյքաոն, որ լքեց Նանթը, որուն հետ նախորդ տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ: