Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Նուրուէյ Չես» ճատրակի միջազգային գերմրցաշարքի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան յաջորդական երեք հաւասարութիւններէ ետք ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը, եւ այդ մէկը աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի դէմ:
Քարլսըն, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 35-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտութիւնը:
Արոնեան, որ այս յաղթանակը արձանագրեց շաբաթ, 10 յունիսին, երէկ` կիրակի, 11 յունիսին 5-րդ հանգրուանին սեւ քարերով ճակատեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ – Վաշիէ Լակրաւի դէմ:
Կողմերը 38-րդ շարժումին համաձայնեցան հաւասարութեամբ աւարտել այդ ճակատումը: