Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ կատարեց իր տարեկան հանդիսութիւնը` յատուկ հրաւիրեալներու եւ անձնաւորութիւններու ներկայութեան:
Լուէյզի ակումբի նախագահ հայր Շարպել Հատտատ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով Լուէյզի իր շուրջ կը համախմբէ իրենց սիրելի անձերն ու միութիւնները եւ անոնց հետ կը տօնէ իր կատարած նուաճումներուն յաջող տարեշրջանը:
Ան ըսաւ, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ Լուէյզիի նորակառոյց համալիրին բացումը, որ կ՛ընդգրկէ ակադեմիա, թենիսի, պասքեթպոլի եւ ֆութսալի դաշտեր, ինչպէս նաեւ մեծ լողաւազան:
«Լուէյզի, լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունենալով, կը ձգտի լաւ եւ օրինակելի ակումբ մը ըլլալ լիբանանեան բոլոր կողմերուն համար», եզրափակեց հայր Շարպել Հատտատ: