
Շաբաթ, 10 յունիսին, Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) սկսած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին առաջին օրը, հայրենի ըմբիշները տիրացան ոսկի, արծաթ եւ պրոնզ մետալներու:
Առաջին օրը մրցասպարէզ դուրս եկան 57, 65, 74 եւ 97 քիլոկրամ կշիռքի ազատ ոճի ըմբիշները եւ 59, 71, 80 եւ 98 քիլոկրամ կշիռքի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները:
65 քկ դասակարգին մէջ, Վալոդիա Ֆրանգուլեան տիրացաւ ոսկի մետալի, իսկ Նարեկ Սիրունեան` պրոնզէ մետալի:
Գրիգոր Գրիգորեան արժանացաւ արծաթէ մետալի (74 քկ), իսկ Գարիկ Բարսեղեան` պրոնզէ մետալի (57 քկ):
Յունահռոմէական ոճի մրցումներուն, Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ) հանդէս գալով 80 քկ դասակարգի մրցումներուն, արծաթ մետալի արժանացաւ:
Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան 3 տպաւորիչ յաղթանակ արձանագրելէ ետք հասաւ 98 քկ դասակարգի աւարտականին, ուր իր դէմ գտաւ վրացի ըմբիշ մը:
Այս մրցումին աւարտէն 50 երկվայրկեան առաջ, մրցավայրին մօտ տեղի ունեցաւ փոքր միջադէպ մը, որուն պատճառով Ալեքսանեան քիչ մը հեռացաւ հոնկէ:
Զարմանալիօրէն, իրաւարարները այդ միջադէպին միջոցին յաղթանակը շնորհեցին վրացի ըմբիշին` անոր տալով 2 կէտ, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ վրացիին:
Թէեւ Հայաստանի խումբին մարզիչները փորձեցին բողոքել, բայց իրաւարարները չփոխեցին իրենց որոշումը:
Յայտնենք, որ Ալեքսանեան նոյնիսկ որակազրկուեցաւ եւ զրկուեցաւ արծաթ մետալէն: