Մարզական

Ըմբշամարտ. Արմէն Մկրտչեան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը Եւ Հեռացաւ Հայաստանէն

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Մկրտչեան ներկայացուց իր հրաժարականը եւ հեռացաւ Հայաստանէն, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կայքը: 21 յունուար 2017-ին հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուած Մկրտչեան ընտանեկան պատճառներով հեռացաւ Հայաստանէն` ուղղուելով Պելճիքա: Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը այսօր` երկուշաբթի, 19 յունիսին այս գծով պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ:

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Կիւլպուտաղեանց Նշանակուեցաւ Փիւնիկի Գլխաւոր Մարզիչ

Կարճ դադարէ մը ետք, Փիւնիկ Երեւան նախորդ շաբաթավերջին ակումբին մարզադպրոցի մէջ վերսկսաւ իր փորձերուն` նախապատրաստուելու համար «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2017-2018 տարեշրջանի զտումի մրցումներուն: Ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ խումբին գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արմէն Կիւլպուտաղեանց, որուն պիտի օգնեն մարզիչներ Սուրէն Չախալեան, Աշոտ Աւետիսեան, Արան Կիւլպուտաղեան եւ բերդապահներու մարզիչ Հայկ Կիրակոսեան: 22 յունիսին Փիւնիկ ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Շիրակի...

Աշխարհի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայրենի Ծանրաբարձները Մեկնեցան Թոքիօ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան երիտասարդական հաւաքականը երէկ մեկնեցաւ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ, ուր տեղի պիտի ունենայ աշխարհի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Հաւաքականի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Սոնա Պօղոսեան (75 քկ), Արփինէ Դալալեան (75 քկ եւ վեր), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ եւ վեր), Սամուէլ Գասպարեան (105 քկ), Յակոբ Մկրտչեան եւ Դաւիթ Յովհաննիսեան (85 քկ), յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին լրատուական բաժանմունքը: Հայ ծանրաբարձները պայքարի մէջ...

Փոտոլսքի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Ճափոնի Մէջ

Գերմանացի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի որոշեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Ճափոնի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան պայմանագրութիւն մը կնքեց Վեսել Քոպէ ակումբին հետ, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը: Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 32 տարեկան յառաջապահին փոխանցման գումարը կազմեց 2,6 միլիոն եւրօ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին  յառաջապահը նախապէս մաս կազմած է Քէօլնի, Պայէրն Միւնիխի, Արսենալի, Ինթեր Միլանի եւ Կալաթասարայի:

Ռէալ Մատրիտ 400 Միլիոն Եւրօ Կը Պահանջէ Ռոնալտոյի Համար

Ըստ շրջան ընող լուրերուն, որոնք կրնան իրականութեան չհամապատասխանել, Ռէալ Մատրիտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ որոշած է լքել իր կազմը` նկատի ունենալով, որ այս հարցով խօսած է իր խմբակիցներուն: Անոր ակումբը, ըստ իտալական gazetta.it կայքին, անոր փոխանցման գումար կը պահանջէ... 400 միլիոն եւրօ: Կը նշուի, որ ներկայ հանգրուանին միայն Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն հետաքրքրուած են Ռոնալտոյով: Այլ լրատուամիջոց մը`...

Նշմար.  Տիտղոսը Պահեցինք Մեր Մօտ` Բոլորին Ճիգերով Եւ Աշխատանքներով

Նշմար. Տիտղոսը Պահեցինք Մեր Մօտ` Բոլորին Ճիգերով Եւ Աշխատանքներով

ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ 2015-2016 տարեշրջանը ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբին համար եղաւ անկիւնադարձային հանգրուան մը` նկատի ունենալով, որ մասնաճիւղի աղջկանց կազմը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան: Սակայն այս իրագործումէն աւելի դժուար առաքելութիւն մըն ալ յաջողցուցինք, երբ տիտղոսը պահեցինք մեր մօտ եւ յաջորդաբար երկրորդ տարեշրջանն ըլլալով, 2016-2017 տարեշրջանին անգամ մը եւս եկանք բարձրացնելու ախոյեանութեան տիտղոսը` դարձեալ յաղթելով Ռիատիի:...

«Նորուէյ Չես». Լեւոն Արոնեան Տիտղոսակիր` Առանց Պարտութիւն Կրելու

Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Նորուէյ Չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իրեն վերջին մրցակից ունեցաւ ամերիկացի Ուեսլի Սոն, անոր հետ սեւ քարերով արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Լեւոն Արոնեան, որ այս մրցաշարքին յաղթեց աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընի, աշխարհի նախկին ախոյեան ռուս Վլատիմիր...

Լիբանանի Պետմինթընի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Իրաւարարներն Ու Մարզական Կարգ Մը Լրագրողներ

Լիբանանի Պետմինթընի Ֆետերասիոնը Պարգեւատրեց Իրաւարարներն Ու Մարզական Կարգ Մը Լրագրողներ

PROFOTO Հազմիէի մէջ գտնուող «Լէօ Փիշիէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց իրաւարարներն ու մարզական կարգ մը լրագրողներ: Պարգեւատրուողներուն կարգին էր նաեւ «ԱԶԴԱԿ»-ի մարզական էջի խմբագիր Վարդիվառ Գասապեան, որ Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսոյի կողմէ ստացաւ յատուկ յուշանուէր մը: PROFOTO Իր խօսքին մէջ Ժասեմ Քանսօ, շնորհաւորելով...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, նախքան իր օրակարգին վրայ եղող հարցերուն քննարկումը, շնորհաւորեց Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ յաղթանակով վերադարձաւ Մալեզիայէն: Իր արձանագրած այս երրորդ յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանանի կազմը այժմ մեծ յոյսեր ունի Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի իր տոմսը ապահովելու առնչութեամբ: Այս առիթով ֆետերասիոնը անոր մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տարեկան համագումարը եւ նոր...

Ռասինկ Ներկայացուց Իր Նոր Մարզիչը Եւ Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններուն Իր Թեկնածուն

Յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի խումբերէն Ռասինկ ներկայացուց 2017-2018 տարեշրջանի իր նոր մարզիչը` Ռիտա Անթարը: Ասոր զուգահեռ, Ռասինկի կողմէ ներկայացուեցաւ ակումբին գանձապահ Ժորժ Հաննան, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն (յուլիսին) պիտի ըլլայ ակումբին թեկնածուն: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էր նաեւ պետական նախարար եւ Ռասինկի պատուոյ նախագահ Միշել Ֆարաոն: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ռասինկի նախագահ` Ժորժ Ֆարահ, յատուկ հրաւիրեալներ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ապպաս Աթուէ Եւ Պիլալ Նաժժարին` Դէպի Թրիփոլի՞

Ապպաս Աթուէ Ունիքա Իր պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս ետք, Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգին մաս կազմող Թրիփոլիի մարզիչ Թէօ Պոյեքըր անմիջապէս ձեռնարկեց իր կազմը զօրացնելու գործին: Կը նշուի, որ շատ շուտով անոր կազմին պիտի միանան Նըժմէի հիմնական եւ կարեւոր մարզիկներէն երկուքը` Ապպաս Աթուէ եւ Պիլալ Նաժժարին: Երկու մարզիկներն ալ այս տարեշրջանին բաւական լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեցին իրենց ակումբին հետ: Այլ գետնի վրայ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Մարզիկներու Պաշտօնական Փոխանցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մարզիկներու Պաշտօնական Փոխանցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. եւ Բ. դասակարգերու 2016-2017 ախոյեանութիւններու աւարտէն քանի մը օր ետք, լիբանանցի մարզիկներու փոխանցումները սկսան կատարուիլ: Կարգ մը ակումբներու կողմէ շատ յայտարարութիւններ կատարուեցան, թէ իրենց կազմին միացուցած են այսինչ կամ այնինչ մարզիկները: Սակայն այս բոլորը մնացին միայն խօսքի սահմաններուն մէջ, եւ այդ մարզիկները պաշտօնապէս չստորագրեցին այդ «խօսող» ակումբներուն հետ, որովհետեւ ցարդ յստակ ոչինչ կայ, եւ այդ մարզիկները...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  Կիրակի, 10 Ապրիլին` Գարնանային 32-րդ Ռելին

Դասական Ինքնաշարժներու Ցուցադրական Օրը Յետաձգուեցաւ 3 Սեպտեմբերին

Կազմակերպութեամբ Պէյթ Մերիի քաղաքապետութեան եւ գործակցութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, ծրագրուած էր, որ կիրակի, 18 յունիսին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 17:00, տեղի պիտի ունենար դասական ինքնաշարժներու ցուցադրական օրը, Պէյթ Մերիի հրապարակին մօտ: Սակայն անոր կազմակերպիչները երէկ իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ անիկա կը յետաձգուի 3 սեպտեմբերին` նկատի ունենալով, որ դասական ինքնաշարժներ ունեցողներուն մեծամասնութիւնը յայտնեցին, որ նախապէս ճշդուած...

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Այսօր` Ռուսիա – Նոր Զելանտա Բացման Մրցումը

Այսօր` շաբաթ, 17 յունիսին, Ռուսիոյ մէջ կը սկսի Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ խումբեր, բաժնուած` երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` չորս խումբ: Հիւրընկալ երկիրը` Ռուսիա, այսօր կը կատարէ բացման մրցումը, երբ Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին կը մրցի Նոր Զելանտայի դէմ (Ա. խմբակ): Ա. խմբակին երկրորդ մրցումը` Փորթուգալի եւ Մեքսիքայի միջեւ, տեղի կ՛ունենայ վաղը` կիրակի, 18 յունիսին, միեւնոյն ժամուն:...

Պարսելոնա Չ՛ուզեր Նորոգել Ինիեսթայի Պայմանագրութիւնը

Սպանական մամուլին համաձայն, փորձառու միջնապահ Անտրես Ինիեսթա, 2018-ի ամրան շատ հաւանաբար հեռանայ իր ակումբէն` Պարսելոնայէն, որովհետեւ վերջինս չ՛ուզեր երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը: Սակայն այս գծով ցարդ պաշտօնական ոչինչ կայ, որովհետեւ կրնայ յանկարծ կացութիւնը շրջուիլ եւ քաթալոնական ակումբը անոր առաջարկ մը ներկայացնել: Կը նշուի, որ Ինիեսթայով շատ մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Եուվենթուս, որ կը փորձէ ձեռք ձգել այս փորձառու միջնապահը, որուն մակարդակը...

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք.  Չորրորդ Փոխարինման Դրութիւն` Երկարաձգման Ընթացքին

Միջցամաքամասային Ֆութպոլի Մրցաշարք. Չորրորդ Փոխարինման Դրութիւն` Երկարաձգման Ընթացքին

17 յունիսէն 2 յուլիս Ռուսիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջցամաքամասային մրցաշարքը: ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այս մրցաշարքին ընթացքին պիտի կիրարկուի չորրորդ փոխարինման դրութիւնը, սակայն այն ժամանակ միայն, եթէ մրցումը երկարաձգուի: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերմանիա, Փորթուգալ, Չիլի, Ռուսիա, Մեքսիքա, Քամերուն, Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա: Մրցումները տեղի պիտի ունենան Մոսկուայի, Ս. Փեթերսպուրկի, Սոչիի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անթունիէ Վաղը Կը Պատուէ Իր Մարզիչն Ու Մարզիկները

Լիբանանի պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին, դասաւորման 2-րդ դիրքը գրաւած, ապա փլէյ-օֆի մրցումներուն 2-0 արդիւնքով Հուփսին յաղթած եւ Ա. դասակարգ բարձրացած Անթունիէ, վաղը` շաբաթ, 17 յունիսին, իր ակումբին մէջ կը պատուէ իր մարզիչը` Ղասսան Սարգիսը եւ մարզիկները, որոնք ունեցան բաւական յաջող տարեշրջան մը:

«Նորուէյ Չես». Լեւոն Արոնեանի Յաղթարշաւը Ընդհատուեցաւ` Անանտի Հետ Արձանագրուած Հաւասարութեամբ

Երէկուան ճակատումէն Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան Նորվեկիոյ Սթաւանկեր քաղաքին մէջ իր աւարտին մօտեցող «Նորուէյ Չես-2017»-ի ճատրակի գերմրցաշարքին, յաջորդական երեք յաղթանակներէ ետք ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի նախկին ախոյեան հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ` 32-րդ շարժումին: Այս 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին, Արոնեանը հետապնդող ամերիկացի Ուեսլի Սօ իր ազգակիցին` Հիքարու Նաքամուրայի հետ հաւասարութիւն մը արձանագրեց: Այսօր` ուրբաթ, 16 յունիսին, 9-րդ եւ...

Մխիթարեան ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի Գրասենեակին Մէջ Հանդիպեցաւ Հայ Երեխաներուն

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Հայաստանի բարի կամքի դեսպան Հենրիխ Մխիթարեան, ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի գրասենեակին մէջ հանդիպեցաւ հայ երեխաներուն, որոնք եկած էին տարբեր մարզերէ` ներկայացնելու համար իրենց խնդիրները, պատմութիւնները եւ երազները: Երեխաներուն հետ իր ունեցած այս հանդիպումէն ետք, ուղղակի պատկերասփռումի ընջմէջէն Մխիթարեան պատասխանեց իրենց ուղղուած հարցումներուն: Աւարտին Մխիթարեան ըսաւ. «Նախ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին` այս հանդիպումին համար: Շատ հաճելի է ըլլալ հոս, լսել երեխաներուն,...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Թէօ Պոյեքըր Նշանակուեցաւ Թրիփոլիի Մարզիչ

Գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոյեքըր, որ բաւական ճանչցուած անուն մըն է լիբանանեան ֆութպոլի աշխարհին մէջ, նշանակուեցաւ Ա. դասակարգի կազմերէն Թրիփոլիի մարզիչ: 1948-ին ծնած եւ Լիբանանի մէջ բնակութիւն հաստատած Պոյեքըր եւ անոր կինը լիբանանցի են, ան եղած է Սաժեսի, Ահտի եւ Նըժմէի մարզիչ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: Ան պիտի փորձէ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին լաւ արդիւնք...

Page 965 of 1277 1 … 964 965 966 … 1,277

Արխիւներ