
Հազմիէի մէջ գտնուող «Լէօ Փիշիէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնը պարգեւատրեց իրաւարարներն ու մարզական կարգ մը լրագրողներ:
Պարգեւատրուողներուն կարգին էր նաեւ «ԱԶԴԱԿ»-ի մարզական էջի խմբագիր Վարդիվառ Գասապեան, որ Լիբանանի Պետմինթընի ֆետերասիոնի նախագահ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսոյի կողմէ ստացաւ յատուկ յուշանուէր մը:

Իր խօսքին մէջ Ժասեմ Քանսօ, շնորհաւորելով բոլոր յուշանուէր ստացողները, յայտնեց, որ մարզական լրագրողներուն դերակատարութիւնը կը նկատուի կարեւոր, որովհետեւ անոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ բոլորին խօսքը հասցնել հանրութեան: